2017-12-11 08:10:00

Երուսաղէմի Լուտերական Եկեղեցւոյ Եունան Եպիսկոպոսը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ


9 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ պետ Մունիպ եպս. Եունանը: Արդարեւ, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ երկար տարիներու առաջնորդը եւ Լուտերական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Եունան եպս. Երուսաղէմէն ուղղակի եկած էր վեհափառ հայրապետին մօտ` խորհրդակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ ստեղծուած տագնապին գծով:

Երկար խորհրդակցութենէ ետք, որոշուեցաւ թելադրել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական այլ կեդրոններուն, յայտարարութիւն կատարելէ անդին յատուկ պատուիրակութիւններ ղրկելու Երուսաղէմ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Երուսաղէմի եկեղեցիներուն, եւ միւս կողմէ`  պատուիրակութիւններ ղրկելու Միացեալ Նահանգներ` իրենց ընդվզումը արտայայտելու նախագահին` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու որոշման գծով:

Վեհափառ հայրապետը եւ Եունան եպիսկոպոսը շեշտեցին, որ Երուսաղէմի հարցին շուրջ քրիստոնէական եկեղեցիներուն մօտեցումը պէտք է հիմնուի երկու սկզբունքներու վրայ` ա) Երուսաղէմի պատկանելիութեան հարցի քննարկումը պէտք է կատարուի խաղաղութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ, բ) միաստուածեան երեք կրօններուն պատմական իրաւասութիւնները պէտք է որ պաշտպանուին Երուսաղէմի մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.